2010-08-01 09:24:16

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ` ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով հատոր մը եւս Արամ Ա. կաթողիկոսէն: Հատորին խորագիրն է՝ ,Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ եկեղեցւոյ միութիւնըե (St. Nerces the Gracious and Church Unity):

Շուրջ 250 էջերու վրայ տարածուած գիրքը գրուած է որպէս մագիստրոսի աւարտաճառ, 1974-ին, ուր ներկայացուած՝ միաժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին:

Գիրքը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ: Առաջին բաժնին մէջ վեհափառ հայրապետը կը ներկայացնէ Ս. Ներսէս Շնորհալին միջեկեղեցական յարաբերութիւնը ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը իր պատմաքաղաքական շրջագծին մէջ. իսկ երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ յիշեալ երկխօսութեան առնչուած նամակներէ ու աստուածաբանական, դաւանաբանական ու ծիսական բնոյթ ունեցող գրութիւններէ: Որպէս երիտասարդ ուսանող, իր պատրաստած այս երկու բաժիններուն վեհափառ հայրապետը, այս անգամ որպէս կաթողիկոս, եզրափակիչ խօսք մը աւելցուցած է, ուր ան կը շեշտէ ուղղափառ աշխարհին պատկանող երկու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Արդարեւ, ներկայ աշխատասիրութիւնը կարեւոր նպաստ մը կը բերէ այս ուղղութեամբ:

Գիրքը ձօնուած է երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որուն քաջալերանքով Արամ Ա. կաթողիոսը իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Լիբանանի, Զուիցերիոյ ու Ամերիկայի մէջ: Իսկ գիրքը կը հրատարակուի ,Գալուստ Կիւլպենկեանե հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին մեկենասութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.